«Հայաստանի քաղաքացիները եւս մէկ քայլով մօտեցան Եւրոմիութիւն առանց վիզայի ճանապարհորդելու հնարաւորութեան»,- ընկերային ցանցերուն մէջ գրած է Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս։
Անոր խօսքով՝ կենսաչափական անձնագրերը պիտի արագացնեն սահմանային ստուգումները եւ պիտի հեշտացնեն ճանապարհորդութիւնը։
«Հայաստանը կ’ընտրէ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու սերտացման ուղին, իսկ մենք կ’աշխատինք, որ այդ ընտրութիւնը շօշափելի արդիւնքներ տայ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար»,- գրած է Քոս։
Հայաստանի մէջ Հոկտեմբեր 31-էն մեկնարկած է նոր կենսաչափական անձնագրերու եւ նոյնականացման քարտերու ստացման նախագրանցումները։
Այս համակարգի ներդրման գործընթացը մեկնարկած է 2023-ին։ Բարեփոխման նպատակն է արդիականացնել անձը հաստատող փաստաթուղթերու տրամադրման ենթակառուցուածքները, բարձրացնել փաստաթուղթերու եւ անձնական տուեալներու պաշտպանուածութիւնը, ինչպէս նաեւ բարելաւել քաղաքացիներուն սպասարկման որակը։ 2025-ի Ապրիլին պետութիւնը պայմանագիր ստորագրած է միջազգային մրցոյթի յաղթած գործակցութեան հիմնադրած «Հայփաս» ընկերութեան հետ։
Նոր կենսաչափական փաստաթուղթերուն ներդրումը նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ վիզաներու ազատականացման գործընթացի պահանջներէն է։ Այդ գործընթացը պաշտօնապէս մեկնարկած է 2024-ի Սեպտեմբեր 9-ին, իսկ 2025-ի Նոյեմբերին Հայաստանը ստացած է վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրը։ Այն, ի թիւս այլ բարեփոխումներու, կը նախատեսէ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան անվտանգ կենսաչափական փաստաթուղթերու ներդրում։ Բոլոր պահանջներուն կատարումը պէտք է ճանապարհ բանայ ԵՄ-ի հետ կարճաժամկէտ այցերու համար առանց վիզայի ժհաստատման համար։

