«Ոուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Սամուէլ Կարապետեան Նոյեմբեր 4-ին ձերբակալուած է։ Այս մասին յայտնած են Քննչական Կոմիտէէն։
Սամուէլ Կարապետեանը ԱԱԾ ծառայողներուն հետ հեռացաւ իր առանձնատունէն, ուր վաղ առաւօտէն խուզարկութիւն կ’իրականացուէր։
Քննչական Կոմիտէէն յայտնած են, որ Կարապետեանի նկատմամբ նոր քրէական հետապնդումը կապուած է «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութեան շուրջ 64,5 միլիառ դրամի ենթադրեալ վնաս պատճառելու գործին հետ։
Քննչական Կոմիտէին հաղորդմամբ՝ Սամուէլ Կարապետեանի կազմակերպմամբ 2016-2024 թուականներուն ՀԷՑ-ի մէջ կատարուած են ծառայողական լիազօրութիւններու չարաշահումներ, առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի յափշտակութիւն եւ փողերու լուացում։
Ըստ քննութեան՝ ընկերութեան գործունէութեան համար անհրաժեշտէն աւելի վարկային միջոցներ ներգրաւուած են, որոնք հետագային անհիմն տրամադրուած են բաժնետէրերուն որպէս շահաբաժին կամ փոխանցուած տարբեր կազմակերպութիւններու։
ՔԿ-ն կը յայտնէ, որ այս գործով քրէական հետապնդում յարուցուած է 36 անձի նկատմամբ, որոշումներ կայացուած են զանոնք ձերբակալելու վերաբերեալ։
Նոյեմբեր 4-ի վաղ առաւօտէն խուզարկութիւններ կ’իրականացուէին նաեւ Ազգային Ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի բնակարանին մէջ եւ Կարապետեաններու ընտանիքին հետ կապուող այլ հասցէներու մէջ։ ՔԿ-ի տուեալներով՝ ընդհանուր առմամբ խուզարկութիւններ կատարուած են 65 հասցէներու մէջ։

