«Հայաստանը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) հեռացնելու հարց օրակարգին վրայ չկայ»։
Մինսքի մէջ ընթացող Եւրասիական անվտանգութեան համաժողովի շրջանակին մէջ այս մասին յայտնած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Թաալաթբեկ Մասատիքովը:
Անոր խօսքով՝ Երեւանը արդէն երրորդ տարին է՝ աշխուժօրէն չի մասնակցիր ՀԱՊԿ աշխատանքներուն, սակայն Հայաստանի ներկայացուցիչը կը մասնակցի մշտական ներկայացուցիչներու ամէնշաբաթեայ բոլոր խորհրդակցութիւններուն։
Մասատիքով նաեւ նշած է, որ Ռուսաստանը արդէն Հայաստանի վերաբերեալ որոշակի առաջարկ պատրաստած է, որ պիտի ներկայացուի ՀԱՊԿ անդամ երկիրներուն։
Անոր խօսքով՝ կազմակերպութեան մասնակցելու կամ չմասնակցելու որոշումը կը մնայ Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին իրաւասութեան ներքոյ։
Հարցը կը նախատեսուի քննարկել Նոյեմբեր 10-ին կայանալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին, եթէ համաձայնութիւն ձեռք բերուի այն ընդգրկել օրակարգին վրայ։

