Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Խորհրդարանը Պիտի Շարունակէ Փոխգործակցութիւնը Հայաստանի Հետ․ Մեցոլան Փաշինեանին Փոխանցած Է ԵԽ Յուշամետալը

Եւրոպական Խորհրդարանը Պիտի Շարունակէ Փոխգործակցութիւնը Հայաստանի Հետ․ Մեցոլան Փաշինեանին Փոխանցած Է ԵԽ Յուշամետալը

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հանդիպումը:

Վերջինս ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը Եւրոպական Խորհրդարան եւ ընդգծած է երկկողմ աշխոյժ երկխօսութեան փաստը՝ ի նպաստ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման:

Ռոպերթա Մեցոլան նշած է, որ Եւրոպական Խորհրդարանը պիտի շարունակէ սերտ փոխգործակցութիւնը Հայաստանի հետ՝ երկկողմ օրակարգը արդիւնաւէտ կերպով յառաջ մղելու նպատակով:

Վարչապետ Փաշինեան իր հերթին յաւելած է, որ երկկողմ հարուստ օրակարգը եւ վերջերս կայացուած բարձր մակարդակի միջոցառումներու շարքը յարաբերութիւններու ամրութեան վկայութիւնն են:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Եւրոպական Խորհրդարանը Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան եւ մերձեցման ջատագովն է, ու ՀՀ կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ ցուցաբերուող շարունակական աջակցութիւնը: Միաժամանակ վարչապետը կարեւորած է Եւրոպական Խորհրդարանի դիրքորոշումը՝ Հայաստանին երկու տարի ժամկէտով առեւտրային արտօնութիւններ տրամադրելու վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն, առեւտրային փոխադրութեան կապակցուածութեան ապահովման միտուած քայլերուն:

Յաջորդիւ տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակման արարողութիւնը, որու շրջանակին մէջ ՀՀ վարչապետը Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահին փոխանցած է Եւրոպական Խորհրդարանին ընծայուած «Արմատագիր-երկխօսութեան ուժը» Հայոց այբուբենի յուշաքանդակի մանրակերտը, որմէ յետոյ Ռոպերթա Մեցոլան Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած է Եւրոպական Խորհրդարանի պրոնզէ յուշամետալը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment