Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ընդհանուր շուկային մէջ կը շարունակեն պահպանուիլ հայկական արտադրանքի արտահանման եւ տարանցման ճանապարհին առկայ վարչական խոչընդոտներն ու սահմանափակումները։ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի նիստին այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ նախորդ հանդիպումէն իվեր այդ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ էական յառաջընթաց չէ արձանագրուած։
Վարչապետին խօսքով՝ ապրանքներու, ծառայութիւններու, դրամագլուխի եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժը Միութեան լիարժէք գործունէութեան հիմքն է, սակայն անոր գործնական իրականացումը դեռ յատուկ ուշադրութիւն կը պահանջէ։
«Ցաւօք, մի շարք առկայ հարցերի շուրջ չի յաջողուել էական առաջընթացի հասնել։ Մասնաւորապէս, պահպանւում են սահմանափակումներն ու վարչական բարձր խոչընդոտները, որոնք նախկինի պէս էապէս դժուարացնում են ընդհանուր շուկայի լիարժէք եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։ Այս առնչութեամբ կարեւոր ենք համարում երկխօսութեան շարունակումը՝ ԵԱՏՄ իրաւունքին համապատասխան հայկական արտադրանքի արտահանման եւ տարանցման ճանապարհին առկայ արգելքների վերացման ուղղութեամբ»,- յայտնած է Փաշինեան։
Ան ընդգծած է, որ այս ուղղութեամբ հետեւողական քայլերը կը բխին ԵԱՏՄ անդամ բոլոր պետութիւններու շահերէն՝ ապահովելով առեւտրային հոսքերու կայունութիւնն ու կանխատեսելիութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի ղեկավարը անդրադարձած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին եւ անոր առանցքային բաղադրիչ համարուող «Թրամփի երթուղիին» (TRIPP)՝ զայն որակելով դարակազմիկ իրադարձութիւն տարածաշրջանին համար։
«TRIPP նախագիծը ուղիղ երկաթուղային հաղորդակցութիւն կը բացի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Միեւնոյն ժամանակ, նախագիծը թոյլ կու տայ Հայաստանին համարկուել միջազգային երկաթուղային ցանցին եւ հնարաւորութիւն կը ստեղծի երկաթուղային հաղորդակցութիւն ձեւաւորել Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովի միջեւ։ Սա դարակազմիկ իրադարձութիւն կը դառնայ կապուղիների ոլորտում, փոփոխութիւն՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Իրանի համար»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան։
Վարչապետը յայտնած է նաեւ, որ նեղ կազմով նիստի ընթացքին ԵԱՏՄ գործընկերներուն տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման բերումով առեւտրային փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման որոշակի մանրամասնութիւններուն մասին՝ ակնկալելով որոշումներ, որոնք պիտի բարձրացնեն Հայաստանի երկաթուղիներուն արդիւնաւէտութիւնը։


