Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ծառուկեանի Գործը Ուղարկուած Է Դատարան

Ծառուկեանի Գործը Ուղարկուած Է Դատարան

by MassisPost

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի գործի քննութիւնը աւարտած է, Դատախազութիւնը զայն ուղարկած է դատարան:

Քննչականը գործարարը կը մեղադրէ փողերու լուացման, յափշտակութեան ու խոշոր չափի խարդախութեան համար:

Ըստ Քննչականին՝ Իրան-Հայաստան լոկիսթիկ բեռնափոխադրման կապ ստեղծելու, փոխադարձ առեւտուրը զարգացնելու պատրուակով Գագիկ Ծառուկեանը «Մուլտի գրուպ» ձեռնարկութեան նախկին տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանի, եւս մի քանի հոգիի ու Իրանի երկու քաղաքացիի օժանդակութեամբ խաբէութեամբ իրանցիներու գոյքը յափշտակած է:

Ապօրինի ճանապարհով ստացած են աւելի քան 22 միլիոն տոլարին համարժէք գոյք, փոխադրամիջոցներ, տարբեր տեսակի վառելանիւթ ու այլ ապրանք օրինականացուցած են, անոնցմէ ստացած եկամուտները միացուցած են իրենց օրինական եկամուտներուն, այդպիսով, ըստ քննիչին, թաքցուցած են յափշտակուած գոյքի յանցաւոր ծագումը:

Քննչականը Ծառուկեանը եւ անոր պատկանող «Մուլտի գրուպ» ձեռնարկութեան Տնօրէններու Խորհուրդի նախագահ Սեդրակ Առուստամեանը կը մեղադրէ նաեւ լիբանանահայ գործարարէն մէկ միլիոն 340 հազար տոլարի ոսկյայ զարդեր
շորթելու համար: Սպառնալով՝ տիրացել «Մուլտի Ակվամարին» ընկերութեան կանոնադրական դրամագլուխին մէջ ունեցած լիբանանահայ գործարարի 50 տոկոս բաժնեմասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment