Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Յայտնուած Ատրպէյճանցի Զինուորը Երկու Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

Հայաստանի Մէջ Յայտնուած Ատրպէյճանցի Զինուորը Երկու Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

by MassisPost

Հայաստանի սահմանը ապօրինի հատած ատրպէյճանցի զինուոր Նասիմի Մուսաեւը երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ. այս մասին յայտնած է Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Կիմա Ավդալյեան։

Քննչական Կոմիտէէն աւելի վաղ յայտնած էին, որ քրէական վարոյթի ծիրին մէջ Ատրպէյճանի քաղաքացի Նասիմի Ռահիմ Օղլի Մուսաեւի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան:

Հոկտեմբեր 1-ին Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն յայտնած են, որ Սեպտեմբեր 29-ին Ատրպէյճանի զօրամասերէն մէկուն զինուորը անյայտ հանգամանքներու մէջ լքած է ծառայութեան վայրն ու յայտնուած է Հայաստանի տարածքին։

Դատախազութենէն յայտնած են, որ Հոկտեմբեր 1-ին, ժամը 14:00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինուոր Նասիմի Մուսաեւ ապօրինի մուտք գործած է Սիւնիքի մարզի Շաքի բնակավայրի տուներէն մէկը, ուր յայտնաբերուելէ յետոյ կրակ արձակած է զէնքէն։ Կրակոցներուն հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է 1987-ի ծնունդ կինը, իսկ անոր երկու անչափահաս երեխաները ստացած են մարմնական վնասուածքներ (դաստակի կոտրուածք եւ սալջարդ)։

Դէպքէն յետոյ ատրպէյճանցի զինուորը դիմած է փախուստի, սակայն նոյն օրը՝ ժամը 15:30-ին, յայտնաբերուած է նոյն փողոցի մէկ այլ տան մէջ եւ ձերբակալուած։ Վիրաւորուած կինը Սիսիանի բժշկական կեդրոնին մէջ անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ստանալէ յետոյ տեղափոխուած է Երեւան։ Դէպքին առթիւ Քննչական Կոմիտէին մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Հայաստանի տարածք ներթափանցելու դէպքին առթիւ նախաձեռնուած է եւս մէկ քրէական վարոյթ՝ պետական սահմանը ապօրինի հատելու եւ հրազէնի մաքսանենգութեան յատկանիշերով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment