Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ապօրինի Գոյքի Գործերով Բռնագանձուած Է Աւելի Քան 15 Միլիոն Տոլար. Դատախազութիւն

Ապօրինի Գոյքի Գործերով Բռնագանձուած Է Աւելի Քան 15 Միլիոն Տոլար. Դատախազութիւն

by MassisPost

Ապօրինի գոյքի գործերով բռնագանձուած է աւելի քան 15 միլիոն տոլար, «Ազատութեան» յայտնած է Գլխաւոր Դատախազութիւնը:

««Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքը ընդունումից մինչ օրս կնքուել է 11 հաշտութեան համաձայնութիւն: Հաշտութեան համաձայնութիւնների արդիւնքում՝ յօգուտ Հայաստանին փոխանցուել է 8 անշարժ եւ 2 շարժական գոյք, իսկ հաշտութեան համաձայնութիւնների դրամական արժէքը (գոյք եւ դրամական միջոց) ընդհանուր կազմում է՝ 5.552.009.134 դրամ, այսինքն, աւելի քան 15 միլիոն տոլար»,- մասնաւորապէս նշած է Դատախազութիւնը:

Գլխաւոր Դատախազ Աննա Վարդապետյեանի այս տարուայ Մարտին ներկայացուած տուեալներով՝ դատարաններուն մէջ քննուող հայցերու ընդհանուր թիւը 166 է, որոնց ընդհանուր հայցագինը շուրջ 612 միլիառ 592 միլիոն դրամ է, այսինքն աւելի քան մէկուկէս միլիառ տոլար:

Արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ յառաջիկային կը նախատեսէ փոփոխութիւններ կատարել «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքին մէջ, որով, ի թիւս այլ փոփոխութիւններու, կը նախատեսուի օրէնքէն հանել նաեւ «Հաշտութեան համաձայնութիւնը»։

Օրէնքէն «Հաշտութեան համաձայանութեան» դրոյթի դուրս բերման մասին աւելի վաղ խօսած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ըսելով, թէ յանձնարարած է այդ կարգաւորումը վերացնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment