Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստանը Շատ Շուտով Պիտի Կորսնցնէ ԵՄ-ին Միանալու Ցանկութիւնը». Լաւրով

«Հայաստանը Շատ Շուտով Պիտի Կորսնցնէ ԵՄ-ին Միանալու Ցանկութիւնը». Լաւրով

by MassisPost

Եւրոմիութեան միանալու Հայաստանի ցանկութիւնը «շատ շուտով» պիտի մարի: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով Արեւելեան տնտեսական համագումարին։

Անոր խօսքով՝ Եւրոմիութիւնը սեփական քաղաքականութեան պատճառով կը կորսնցնէ իր տնտեսական առաւելութիւնները։ Սակայն որոշ երկիրներ, ինչպէս նախապէս, կը ձգտին դառնալու անոր անդամները։

«Եւրըմիութիւնը տնտեսապէս բազմաթիւ գործօններու պատճառով՝ ներառեալ իր անհեռաատեսութիւնը, եթէ չըսենք՝ յիմարութիւնը, կը կորսնցնէ իր առաւելութիւնները»,- ըսած է Լաւրով։

ԵՄ-ին միանալու ցանկութեան մասին կը շարունակեն խօսիլ Հայաստանը եւ Սերպիան։

«Մեր սերս ընկերները, իսկ հիմա նաեւ մեր հայ գործընկերները, կը շարունակեն ըսել՝ մենք կ’ուզենք միանալ Եւրոմիութեան։ Վստահ եմ, որ անոնք շատ շուտով պիտի կորսնցնեն այդ ցանկութիւնը»,- յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment