Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեր Սահմանային Ուղեկալներուն Հետ Կապուած Խնդիր Ունինք․ Անդրանիկ Քոչարեան

Մեր Սահմանային Ուղեկալներուն Հետ Կապուած Խնդիր Ունինք․ Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

«Մեր սահմանային ուղեկալների հետ կապուած խնդիր ունենք, որը պէտք է լուծել»,- Ազգային Ժողովին մէջ ճեպազրոյցին յայտնած է ՔՊ-ական պատգամաւոր, Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի նախկին նախագահ Անդրանիկ
Քոչարեանը՝ անդրադառնալով Սիւնիքի մարզ ատրպէյճանցի զինուորի ներթափանցման դէպքին։

Հարցումներուն, թէ ինչպէս ատրպէյճանցի զինուորը յաջողած է հատել սահմանը ու երկու օր գտնուիլ քաղաքացիի բնակարանին մէջ, Քոչարեան նշած է, որ վերջնական գնահատականներ պիտի տրուին ծառայողական քննութեան եզրակացութենէն յետոյ։

«Մեր բոլոր ծառայութիւնները համակցուած պէտք է միասին այս դէպքի առնչությամբ ոչ միայն քննութիւն իրականացնեն, այլ մբողջ տարածքը տակնուվրայ անեն»,- յայտնած է պատգամաւորը։

Անդրադառնալով վարկածին, թէ արդեօք ներթափանցած անձը մոլորուա՞ծ է, թէ՞ խափանարար եղած է, Քոչարեան շեշտած է, որ պէտք է ամբողջ խորութեամբ ուսումնասիրել բոլոր բեմագրութիւնները։ Անոր գնահատմամբ՝ քանի որ տեղի բնակիչը
կրցած է պաշտպանել ինքզինքը եւ ընտանիքը, գործ ունինք Հայաստանի տարածք թափանցած համազգեստով ատրպէյճանցի զինուորին հետ, այլ ոչ թէ յատուկ պատրաստուած ստորաբաժանման։ Այնուամենայնիւ, ան չէ բացառած, որ նման
քայլերով հակառակորդը կրնար փորձել մոլորութեան մէջ ձգել հայկական կողմը։

«Եթէ յատուկ ծառայութիւնները նպատակ ունենան, ուր ասես կը հասնեն։ Ի հարկէ, ո՛չ համազգեստով, ո՛չ այդ ձեւով, ո՛չ ինքնաձիգով, բայց հիմա մի իրողութեան հետ ենք առնչուել, որ դա պէտք է ապագայում բացառել, որովհետեւ այդ մարդը 2
օր եղել է ոչ միայն տարածքում, այլեւ մեր քաղաքացու բնակարանում»,- ըսած է Քոչարեան։

Յիշատակելով 2023-ին Սիւնիի մէջ արձանագրուած նմանատիպ դէպքը, երբ ատրպէյճանցի զինուորները սպաննած էին Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանի պահակը, պատգամաւորը ընդգծած է, որ անկէ յետոյ հսկայածաւալ աշխատանքներ կատարուած է, եւ հիմա պէտք է պարզել, թէ ինչպէս դարձեալ նման միջադէպ հնարաւոր եղած է։

Ինչ կը վերաբերի ձերբակալուածը Ատրպէյճանին հնարաւոր յանձնման, Քոչարեան նշած է, որ յարուցուած է քրէական գործ եւ պէտք է առաջնորդուիլ օրէնքի պահանջներով։ «Յանձնելը պարզապէս չի լինում, ինչ-որ բանի դիմաց է լինում», – յաւելած է ան։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment