Տարբեր երկիրներու կողմէ TRIPP-ի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ, բայց Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի համաձայնութեամբ պիտի որոշուի երրորդ երկիրներու ներդրումային մասնակցութիւնը, այսօր «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«TRIPP-ում երկրների ներդրումային մասնակցութիւնը յստակ սահմանած է, որ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգների համաձայնութեամբ կարող են երրորդ կողմերը ներգրաւուել: Տարբեր երկրներ ցուցաբերում են հետաքրքրութիւն, բայց պէտք է նաեւ քննարկենք ճշգրտութեան մէջ: Այնուամենայնիւ, ներդրումային ծաւալը մեծ է, բայց անսահմանափակ չի, պէտք է հասկանալ՝ ով ինչ ներդրումային ծրագիր է առաջարկում եւ ընտրել լաւագոյնը»,- շեշտեց Փաշինեան:
TRIPP-ը հայ-ամերիկեան նախագիծ է: Երեւանն ու Ուաշինկթընը պայմանաւորուեած են, որ TRIPP զարգացման համատեղ ձեռնարկութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու մասնաբաժինը առաջին 49 տարին 74, Հայաստանինը՝ 26 տոկոս պիտի ըլլայ: Եթէ համագործակցութիւնը եւս 50 տարիով երկարաձգեն, Հայաստանի բաժնեմասը պիտի աւելնայ մինչեւ 49 տոկոս:
TRIPP-ի վերաբերեալ հայ-ամերիկեան ռազմավարական համաձայնագիրը արդէն վաւերացման փուլին մէջ է: Նախ Սահմանադրական դատարանը պէտք է որոշէ՝ թէ այն չի հակասեր Հայաստանի սահմանադրութեան, ապա դրական եզրակացութենէն յետոյ փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի խորհրդարան՝ վաւերացման: Սահմանադրական դատարանի որոշումը կ’ակնկալուի Սեպտեմբեր 15-ին:

