Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Մտահոգուած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շուրջ Իրավիճակով

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Մտահոգուած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շուրջ Իրավիճակով

by MassisPost

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (WCC) խոր մտահոգութիւն յայտնած է
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ։

Խորհուրդը նշած է, որ, որպէս եկեղեցիներու համաշխարհային
եղբայրակցութիւն, կը վերահաստատէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր դերը
հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական կեանքին, ինչպէս նաեւ
համաշխարհային քրիստոնէական ընտանիքին մէջ։

«Մենք մտահոգութիւն կը յայտնենք եկեղեցւոյ ներքին գործերուն անհարկի
միջամտությեան առնչութեամբ»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Խորհուրդը յոյս կը յայտնէ, որ ստեղծուած հակամարտութիւնը կարգաւորուի
այնպէս, որ նպաստէ ամբողջ հայ ժողովուրդի բարօրութեան։

«Մենք աղօթքով եւ աջակցութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ժողովուրդին կողքին ենք
այս դժուարին ժամանակահատուածին»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment