Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըմբշամարտի Մ17 ԱԱ․ Ջանէս Նազարեան Բաքուի Մէջ Հռչակուեցաւ Աշխարհի Ախոյեան

Ըմբշամարտի Մ17 ԱԱ․ Ջանէս Նազարեան Բաքուի Մէջ Հռչակուեցաւ Աշխարհի Ախոյեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Բաքուի մէջ աւարտին մօտեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց իր առաջին ոսկէ մետալը։

Մ17 աշխարհի եւ Եւրոպայի գործող ախոյեան, 71 քկ քաշային կարգի Ջանէս Նազարեան հաստատեց իր բարձր կարգը եւ դարձեալ բարձրացաւ պատուոյ հարթակի ամենաբարձր աստիճանին։ Եզրափակիչին հայ ըմբիշը մրցեցաւ Ռուսիան ներկայացնող Ասլան Ձուեւի դէմ եւ լարուած պայքարի ընթացքին 4։3 հաշուով կամային յաղթանակ արձանագրեց։

Տիտղոսը նուաճելէ անմիջապէս ետք Նազարեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշով ախոյեանական շրջան մը կատարեց գորգին վրայ։ Հանդիսատեսներու նստարաններէն հնչող ուժգին սուլոցներուն հակառակ՝ հայ մարզիկը չընկրկեցաւ եւ դրօշով եւս մէկ հպարտ շրջան կատարեց։ Քիչ անց ախոյեանին պատիւ Բաքուի մէջ հնչեց Հայաստանի պետական օրհներգը։

Նշենք նաեւ, որ մինչեւ եզրափակիչ հասնիլը Ջանէս իր բոլոր չորս մրցակիցներուն յաղթած էր ժամանակէն առաջ՝ ընդհանուր 33։0 հաշուով՝ 8։0, 9։0, 8։0 եւ 8։0։ Միայն վճռորոշ գօտեմարտին ընթացքին մրցակիցը կրցաւ միաւորներ վաստակիլ հայ ըմբիշին դէմ։

Յիշեցնենք, որ ընթացիկ աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ աւելի կանուխ պրոնզէ մետալակիրներ դարձած էին 48 քկ քաշային կարգի Արարատ Աւետիսեան եւ 51 քկ քաշային կարգի Գէորգ Յարութիւնեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment