Եւրոմիութիւնը Հայաստանէն կրնայ պահանջել վիզային դրութիւն սահմանել Ռուսաստանի հետ՝ երկրի եւրոհամարկման ճանապարհին հետագայ յառաջխաղացման շրջանակներուն մէջ։
Այս մասին յայտնած է «Իզվեսթիա» թերթը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն եւ փորձագէտներուն։
Թերթին տեղեկութիւններով՝ այս հարցը կրնայ դառնալ ԵՄ-ի հետ Երեւանի համագործակցութիւնը խորացնելու պայմաններէն մէկը, քանի որ Պրիւքսէլը կը ձգտի թեկնածու երկիրներու գաղթային քաղաքականութիւնը համապատասխանեցնել եւրոպական չափանիշերուն։
Ինչպէս կը նշեն հրապարակման հեղինակները, վիզային դրութեան հնարաւոր սահմանումը կրնայ բարդացնել երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքացիներու տեղաշարժը եւ դառնալ Երեւանի ու Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու ամենազգայուն հարցերէն մէկը։
«Ռուսաստանի հետ վիզային դրութիւն սահմանելը յղի է Հայաստանի համար ծանր տնտեսական հետեւանքներով՝ հաշուի առնելով, որ 2025 թուականին ռուսերը ապահոված են Հայաստանի զբօսաշրջային հոսքին մօտ 40%-ը (աւելի քան 900 հազար մարդ): Բացի անկէ, Ռուսաստանէն փոխանցումները, որոնք 2025 թուականին կազմած են 3,87 միլիառ տոլար, կը ձեւաւորեն Հայաստանի ՀՆԱ-ի մէկ ութերորդ մասը, եւ անոնց դադրեցումը պիտի հարուածէ արտարժոյթի ստացումներիու»,- կը գրէ «Իզվեսթիան»:
Պարբերականը կը նշէ, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵՄ-ին եւ երկկողմ կապերու հնարաւոր խզումը բազմաթիւ խնդիրներ պիտի ստեղծեն նաեւ Ռուսաստանի համար. «Մոսկուան պիտի կորսնցնէ իր ռազմավարական յենարանը Անդրկովկասի մէջ, սպառնալիքի տակ պիտի յայտնուի Կիւմրիի մէջ մեր ռազմակայանին աշխատանքը: Վերջապէս, առանց վիզայի դրութեան դադրեցումը եւ առեւտուրի կրճատումը պիտի բարդացնեն լոկիսթիկ շղթաները: Հետեւաբար Մոսկուան նոյնպէս շահագրգռուած է Հայաստանի անդամակցութեամբ ԵԱՏՄ-ին եւ անոր հետ սերտ յարաբերություններու պահպանմամբ»:

