Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իրան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Ընդլայնելու Կազի Արտահանումը Հայաստան

Իրան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Ընդլայնելու Կազի Արտահանումը Հայաստան

by MassisPost

Թեհրանն ու Երեւանը համաձայնած են ստեղծել համատեղ մասնագիտացուած աշխատանքային խումբ՝ ուժանիւթային համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար, իսկ իրանեան կողմը առաջարկած է նոր առեւտրային շրջանակ՝ Հայաստան բնական կազի արտահանումը աւելցնելու նպատակով։ Այս մասին յայտնած է «Mehr»-ը՝ ներկայացնելով Յուլիս 25-ին Թեհրանի մէջ Իրանի քարիւղի նախարար Մոհսեն Փաքնեջատի եւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանի հանդիպման արդիւնքները։

Բարձր գնահատելով դժուարին ժամանակահատուածներուն Իրանի կողքին կանգնելու Հայաստանի քայլը՝ Փաքնեջատ վերահաստատած է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ իր տեխնիկական եւ տնտեսական հնարաւորութիւններու ծիրին մէջ ամրապնդելու համագործակցութիւնը հիւսիսարեւմտեան հարեւանին հետ։

Իրանի քարիւղի նախարարին փոխանցմամբ՝ երկու կողմերը քննարկած են հնարաւոր ուժանիւթային ծրագրերու լայն շրջանակ, այդ շարքին՝ երկկողմ առեւտուրի ընդլայնումը, տեխնիկական ու ճարտարապետական ծառայութիւններու արտահանումը, նաւթավերամշակման գործարանի կառուցումը եւ Հայաստանին նաւթամթերքի մատակարարումը։

Փաքնեջատ առաջարկած է, որ ստեղծուող աշխատանքային խումբը իր գործունէութիւնը սկսի հնարաւորինս շուտ, որպէսզի երկկողմ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի ընթացքին հնարաւոր ըլլայ գնահատել արդիւնքները։

Իրանցի պաշտօնեան ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ուժանիւթային գործընկերութիւնը հիմնուած է «Կազ՝ ելեկտրուժի դիմաց» փոխանակում մեխանիզմին վրայ։ Այնուամենայնիւ, անոր խօսքով, Իրանի առաջարկած նոր առեւտրային շրջանակը նպատակաուղղուած է բնական կազի արտահանման ծաւալներու ընդլայնման։

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան Յուլիսի 24-27-ին գործուղուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment