Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հայերէն գրառում կատարած է Ինսթակրամի էջով` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցէն յետոյ։
«Զրուցած եմ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ վերահաստատելու Ֆրանսայի աջակցութիւնը ՀՀ ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու շարունակական իրականացման։
«Հանգամանօրէն քննարկած ենք Մայիսին կնքուած մեր երկկողմ ռազմավարական գործընկերութեան իրականացման ընթացքը։
«Ես վերահաստատած եմ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, որ պէտք է շարունակէ շօշափելի արդիւնքներ ապահովել` ի շահ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն»:
«Ես նաեւ վերահաստատած եմ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի կողմէ ընտրուած` ԵՄ-ի հետ մերձեցման գործընթացին»,- գրած է ան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռախօսով քննարկած են Հայաստանի արտահանման հնարաւորութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը:
Նախագահ Մաքրոն եւս մէկ անգամ շնորհաւորած է վարչապետ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակի առիթով՝ մաղթելով յաջողութիւններ յառաջիկայ գործունէութեան ընթացքին։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան–Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր՝ վերահաստատելով երկկողմ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման փոխադարձ պատրաստակամութիւնը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Մաքրոնին՝ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին շարունակական աջակցութեան համար: Վարչապետը ընդգծած է նաեւ երկկողմ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման եւ Հայաստանի արտահանման հնարաւորութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերուն։
Քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը: երկուստեք ընդգծուած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։

