Ռուսական «Մաթրյոշքա» ցանցը, որ մինչ այժմ Հայաստանի վերաբերեալ կը տարածէր կեղծ հետաքննութիւններ, խարդաւանքի տեսանիւթեր եւ արհեստական բանականութեամբ կազմուած բովանդակութիւն, այժմ Փաշինեանի սպանութեան կոչեր պարունակող կեղծ տեսանիւթեր կը շրջանառէ։
X հարթակով Մայիսի 28-ին տարածուած նոր տեսանիւթին մէջ ոստիկանի համազգեստով տղամարդը ոչ միայն կը վիրաւորէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, այլեւ բացայայտ կոչ կ’ընէ սպաննել զայն։ Տեսանիւթին «հերոսը» անգլերէն կը յայտնէ, թէ կ’երազէ մեկնիլ Հայաստան եւ «կրակել Փաշինեանի գլուխին», իսկ Հայաստանի մէջ գտնուող անձերուն կը յորդորէ «վճռական քայլի» դիմել՝ խոստանալով աջակցիլ անոնց ընտանիքներուն, եթէ անոնք յայտնուին բանտը։
Սակայն, ինչպէս «Մաթրյոշքա» ցանցին հետ կապուող բազմաթիւ այլ տեսանիւթերու պարագային, սա եւս կեղծիք է։ Սթիվ Առնոլտը իրական անձ է, սակայն անոր մասնակցությամբ բնօրինակ տեսանիւթը խմբագրուած է արհեստական բանականութեան գործիքներով։ Տեսանիւթին աւելցուած են Նիկոլ Փաշինեանի մասին յիշատակումները եւ սպանութեան կոչեր պարունակող խօսքերը, որոնք կը բացակային սկզբնական տարբերակին մէջ։

