Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանը Պէտք Է ԵՄ-ին Մերձենայ Իր Հաշուոյն, Ոչ Թէ Մոսկուայի Եւ ԵԱՏՄ-ի. Փեսքով

Երեւանը Պէտք Է ԵՄ-ին Մերձենայ Իր Հաշուոյն, Ոչ Թէ Մոսկուայի Եւ ԵԱՏՄ-ի. Փեսքով

by MassisPost

Երեւանը պէտք է ԵՄ-ին մերձենայ իր հաշուոյն, այլ ոչ թէ Մոսկուայի եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Դեռ կայ մեծ հարց. շարժելով դէպի Եւրոմիութիւն, ինչ որ Հայաստանի բացարձակ ինքնիշխան իրաւունքն է, ան չի կրնայ եւ պէտք չէ ընէ ԵԱՏՄ երկիրներու ֆինանսական միջոցներու հաշուոյն։ Այդ պէտք է ընէ սեփական միջոցներով»,- նշած է ան։

Փեսքով յաւելած է, որ Եւրոմիութեան հետ մերձեցման ընթացքին Հայաստանը վաղ թէ ուշ պիտի յայտնուի իրավիճակի մը մէջ, երբ իր ընդունած կանոնները պիտի հակասեն Եւրասիական Տնտեսական Միութեան կանոններուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment