ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ստացած է ՌԴ ուժանիւթի նախարար Սերկէյ Ցիվիլիովի նամակը՝ ուղղուած ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան: Ըստ լրատուամիջոցներուն, նամակին մէջ ռուսական կողմը Հայաստանին սպառնացած է միակողմանիօրէն կասեցնել կամ չեղեալ յայտարարել կազի, նաւթամթերքի եւ չմշակուած ադամանդի մատակարարումներու մասին համաձայնագիրը, եթէ Երեւանը շարունակէ ԵՄ անդամակցութեան գործընթացը։
«Ժամը 15:00-ի դրութեամբ ստացուել է ՀՀ ՏԿԵ նախարարութեանն ուղղուած նամակը, որը փոխանցուել է, կ’ուսումնասիրուի, եւ հայկական կողմն ըստ անհրաժեշտութեան կ’արձագանգի»,- այդ մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Անի Բադալեանը:
Յիշեցնենք՝ ՌԴ ԱԳՆ յատուկ ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտնած էր, որ Ռուսաստանը միակողմանիօրէն պիտի կասեցնէ կամ չեղեալ յայտարարէ կազի, նաւթամթերքի եւ չմշակուած ադամանդի մատակարարումներու մասին համաձայնագիրը, եթէ Երեւանը շարունակէ ԵՄ անդամակցութեան գործընթացը։

