Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ստացած Է ՌԴ Ուժանիւթի Նախարարին Նամակը Եւ Պիտի Արձագանգէ Ըստ Անհրաժեշտութեան. ԱԳՆ

Հայաստանը Ստացած Է ՌԴ Ուժանիւթի Նախարարին Նամակը Եւ Պիտի Արձագանգէ Ըստ Անհրաժեշտութեան. ԱԳՆ

by MassisPost

ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ստացած է ՌԴ ուժանիւթի նախարար Սերկէյ Ցիվիլիովի նամակը՝ ուղղուած ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան: Ըստ լրատուամիջոցներուն, նամակին մէջ ռուսական կողմը Հայաստանին սպառնացած է միակողմանիօրէն կասեցնել կամ չեղեալ յայտարարել կազի, նաւթամթերքի եւ չմշակուած ադամանդի մատակարարումներու մասին համաձայնագիրը, եթէ Երեւանը շարունակէ ԵՄ անդամակցութեան գործընթացը։

«Ժամը 15:00-ի դրութեամբ ստացուել է ՀՀ ՏԿԵ նախարարութեանն ուղղուած նամակը, որը փոխանցուել է, կ’ուսումնասիրուի, եւ հայկական կողմն ըստ անհրաժեշտութեան կ’արձագանգի»,- այդ մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Անի Բադալեանը:

Յիշեցնենք՝ ՌԴ ԱԳՆ յատուկ ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտնած էր, որ Ռուսաստանը միակողմանիօրէն պիտի կասեցնէ կամ չեղեալ յայտարարէ կազի, նաւթամթերքի եւ չմշակուած ադամանդի մատակարարումներու մասին համաձայնագիրը, եթէ Երեւանը շարունակէ ԵՄ անդամակցութեան գործընթացը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment