Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դուք, Վարչապետը, Հայաստանեան Ամբողջ Խումբը Ճանապարհ Կը Հարթէք Դէպի Աւելի Անկախ Ապագայ Հայաստանի Համար. Ռուպիօ

Դուք, Վարչապետը, Հայաստանեան Ամբողջ Խումբը Ճանապարհ Կը Հարթէք Դէպի Աւելի Անկախ Ապագայ Հայաստանի Համար. Ռուպիօ

by MassisPost

«Դուք, վարչապետը, հայաստանեան ամբողջ խումբը ճանապարհ կը հարթէք դէպի աւելի պայծառ, աւելի անկախ ապագայ Հայաստանի համար։ Ուրախ ենք այս տեսլականին մեր աջակցութիւնը յայտնել»։

Փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութեան այս մասին ժամանակ ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն։

«Մենք կը շարունակենք զարգացնել մեր յարաբերութիւնները։ Մենք նաեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւն ստորագրած ենք, որ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու շրջանակը կը սահմանէ, նոր ուղի կը նախանշէ, որմէ օգուտներ պիտի ստանան թէ՛ հայերը, թէ՛ ամերիկացիները»,- ըսած է ան։

Տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ երկկողմ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն: Փաստաթուղթերը ստորագրած են ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն:

Նախաստորագրուած է ՀՀ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղությեան եւ բարգաւաճման» նախագիծին վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը:

Ստորագրուած է ՀՀ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը:

Ստորագրուած է նաեւ ՀՀ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կարեւորագոյն հանքանիւթերու եւ հազուագիւտ հանածոներու արդիւնահանման, մշակման ոլորտին մէջ մատակարարման ապահովման շրջանակային յուշագիրը:

\Մայիս 26-ին ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն Հայաստան ժամանած է կնոջ՝ Ժանեթ Տուստեպեսի հետ: Օդակայանին մէջ զանոնք դիմաւորած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment