Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք բացառած է Ասթանայի մէջ կայանալիք Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին Հայաստանի նկատմամբ սահմանափակող միջոցներու ընդունումը։ Լրագրողներու հետ զրոյցին ան ընդգծած է, որ կառոյցէն դուրս գալու մտադրութիւն Երեւանը չունի, իսկ պայմանագրի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ է բոլոր անդամներուն համաձայնութիւնը:
«Պայմանագրի փոփոխութեան մասին խօսք չկայ։ Պայմանագիրը փոխելու համար համախոհութիւն պէտք է, իսկ Հայաստանը, ինչպէս գիտենք, չի պատրաստուիր դուրս գալու ԵԱՏՄ-էն։ Այնտեղ շատ լաւ կը հասկնան ե՛ւ արտօնութիւններու ծաւալը, ե՛ւ ԵԱՏՄ անդամ այլ պետութիւններու հետ առեւտուրի ծաւալը, որ նման չափերով մեծապէս հնարաւոր դարձած է Հայաստանի համար գործող արտօնեալ կարգերու շնորհիւ»,- յայտնած է ՌԴ փոխվարչապետը։
Ըստ անոր՝ խօսքը զերոյական մաքսատուրքերու, ներդաշնակեցուած չափանիշերու եւ տեխնիկական կանոնակարգման մասին է, որոնք այսօր կ’ապահովեն շուկաներու բաց ըլլալն ու ապրանքներու ազատ փոխադարձ տեղաշարժը։ Միեւնոյն ժամանակ Օվերչուք անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներուն եւ արտաքին քաղաքական հնարաւոր փոփոխութիւններուն։
«Ուստի, ի հարկէ, հայերը շատ լաւ կը հասկնան այն առաւելութիւնները, որ իրենց կու տայ մասնակցութիւնը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, եւ չեն ուեր դուրս գալ։ Անոնց հանրապետութեան մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք իրենց նպատակը հռչակած են մերձեցումը Եւրոմիութեան եւ անդամակցութիւնը այդ միութեան։ Բոլորը կը հասկնան, որ այդ անհամատեղելի է, սա նոր իրավիճակ է, եւ այն անհրաժեշտ է գնահատել»,- նշած է ռուսաստանեան պաշտօնեան։
Աւելի վաղ այս հարցին անդրադարձած էր նաեւ ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։ Ան նշած էր, որ թէեւ Ասթանայի գագաթաժողովը պիտի չվճռէ Հայաստանի ճակատագիրը, սակայն օրակարգը պիտի ըլլայ բարդ, եւ միութեան մասնակիցները կը սպասեն Երեւանի պարզաբանումներուն։
Եւրասիական Տնտեսական Ֆորումը, որուն պիտի մասնակցին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) պետութիւններու ղեկավարները, տեղի պիտի ունենայ Մայիս 28-ին Ասթանայի մէջ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 1-ին Ռուսաստան կատարած այցի ժամանակ նախագահ Վլատիմիր Փութինին տեղեկացուցած է, որ քարոզարշաւի բերումով պիտի չկարենայ մասնակցիլ Մայիս 28-ին Ասթանայի մէջ կայանալիք ԵԱՏՄ ղեկավարներու նիստին։

