Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազը ԿԸՅ Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Է Անդրանիկ Թեւանեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցելու Համաձայնութիւն Ստանալու Համար

Դատախազը ԿԸՅ Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Է Անդրանիկ Թեւանեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցելու Համաձայնութիւն Ստանալու Համար

by MassisPost

2026 թուականի Յունիսին նշանակուած ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Նորիկի Թեւանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն ստանալու վերաբերեալ 2026 թուականի Մայիսի 22-ին դատախազը միջնորդութիւն ներկայացուցած է ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով:

Առաւօտեան ԱԱԾ աշխատակիցները քննչական գործողութիւններ իրականացուցած են «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակով պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեանի ղեկավարած «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Քննչական Կոմիտէն պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան դէպքի առիթով նախաձեռնած է քրէական վարոյթ: Կոմիտէին մէջ ԱԱԾ-էն ստացուած հաղորդման համաձայն՝ Թեւանեանը, 2024 թուականին հաւաքագրուելով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ, «Ռուսսիա Կովկաս» աշխարհաքաղաքական կեդրոնի տնօրէն հանդիսացող՝ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչի յանձնարարութեամբ կատարած է լրտեսութիւն: Ան հաւաքած եւ 622 հազար տոլարի դիմաց անոր փոխանցած է պետական գաղտնիք պարունակող՝ 2024 թուականի Ապրիլին ԱԺ-ի մէջ տեղի ունեցած փակ, գաղտնի լսումներու ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին ռուսերէն թարգմանուած տեղեկութիւններ՝ այդ կերպ կատարելով պետական դաւաճանութիւն՝ ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment