2026 թուականի Յունիսին նշանակուած ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Նորիկի Թեւանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն ստանալու վերաբերեալ 2026 թուականի Մայիսի 22-ին դատախազը միջնորդութիւն ներկայացուցած է ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով:
Առաւօտեան ԱԱԾ աշխատակիցները քննչական գործողութիւններ իրականացուցած են «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակով պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեանի ղեկավարած «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Քննչական Կոմիտէն պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան դէպքի առիթով նախաձեռնած է քրէական վարոյթ: Կոմիտէին մէջ ԱԱԾ-էն ստացուած հաղորդման համաձայն՝ Թեւանեանը, 2024 թուականին հաւաքագրուելով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ, «Ռուսսիա Կովկաս» աշխարհաքաղաքական կեդրոնի տնօրէն հանդիսացող՝ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչի յանձնարարութեամբ կատարած է լրտեսութիւն: Ան հաւաքած եւ 622 հազար տոլարի դիմաց անոր փոխանցած է պետական գաղտնիք պարունակող՝ 2024 թուականի Ապրիլին ԱԺ-ի մէջ տեղի ունեցած փակ, գաղտնի լսումներու ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին ռուսերէն թարգմանուած տեղեկութիւններ՝ այդ կերպ կատարելով պետական դաւաճանութիւն՝ ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան:

