Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՌԴ Պետական Ցանկերուն Մէջ Նարեկ Կարապետեանի Քաղաքացիութեան Վերաբերեալ Տուեալները Խմբագրուած Են. Factor

ՌԴ Պետական Ցանկերուն Մէջ Նարեկ Կարապետեանի Քաղաքացիութեան Վերաբերեալ Տուեալները Խմբագրուած Են. Factor

by MassisPost

Ռուսաստանի իրաւաբանական անձերու միասնական պետական գրանցամատեանին մէջ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջին համարի եւ կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Նարեկ Կարապետեանի վերաբերեալ տուեալները խմբագրուած են։

Factor TV-ն կը յայտնէ, որ ստացած է նոր տեղեկանք, որուն մէջ արդէն կը նշուի, որ Նարեկ Կարապետեանը ոչ թէ Ռուսաստանի, այլ Հայաստանի քաղաքացի է։ Փոփոխութիւնը կատարուած է Մայիս 20-ին՝ օրուայ վերջը, ինչին վերաբերեալ հրապարակում կատարած է նաեւ Ազգային Ժողովի նախագահ, «Քաղաքացիական Պայմանագրի» պատգամաւորի թեկնածու Ալեն Սիմոնեանը ու նշած, որ փաստաթուղթը ինչ-որ պահու անհասանելի դարձած է, այնուհետեւ խմբագրուած է։

Նարեկ Կարապետեանի քաղաքացիութեան հարցին անդրադարձած է նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։ Ան յայտնած է, որ Կարապետեանը երբեք Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն չէ ունեցած։

Նարեկ Կարապետեան, Մայիս 20-ին, Factor TV-ի լրագրողի հարցումին ի պատասխան, եւս պնդած է, որ ՀՀ քաղաքացիութենէն բացի՝ այլ քաղաքացիութիւն երբեք չէ ունեցած․ «Իրաւաբանները դիմած են ՌԴ դեսպանատուն, ամենայն հաւանականութեամբ, որպէսզի պատասխան տրուի»,- նշած է ան։

Այդպէս ալ պաշտօնական պարզաբանում չէ տրուած այն մասին, թէ ինչու եւ ինչպէս Ռուսաստանի իրաւաբանական անձերու միասնական պետական գրանցամատեանին մէջ նարեկ Կարապետեանի անուան դիմաց նշուած եղած է ՌԴ քաղաքացի։ Արդեօ՞ք այդ սխալմունք եղած է, անփութութեան հետեւանք՝ յայտնի չէ։ Ռուս պաշտօնեան այս մասին պարզաբանում ներկայացնելու փոխարէն խօսած է հակառուսական ապատեղեկատուական քայլերու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment