Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանը Պիտի Չյաջողի Միաժամանակ Երկու Հարսանիքի Պարել». Կալուզին

«Հայաստանը Պիտի Չյաջողի Միաժամանակ Երկու Հարսանիքի Պարել». Կալուզին

by MassisPost

«Հայաստանը չի կրնար ըլլալ ե՛ւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, ե՛ւ Եւրոմիութեան մէջ, ինչպէս կ’ըսեն՝ Հայաստանը պիտի չյաջողի միաժամանակ երկու հարսանիքներու պարել», յայտնած է ՌԴ արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին՝ դրացի երկիրներուն հետ փոխգործակցութեան հարցերով Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի յատուկ խումբի նիստէն յետոյ։

Ըստ ռուսական լրատուամիջոցներու, Կալուզին նաեւ յայտնած է, որ Մոսկուայի համար անընդունելի է Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը, որոնք մտադիր են պահպանել անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին, մինչեւ կը ստանան ԵՄ անդամակցութիւն։

Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարը նաեւ մեղադրած է Արեւմուտքը՝ Հայաստանը Ռուսաստանի դէմ օգտագործելու փորձի մէջ եւ յայտարարած, որ երկրին անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան «ամբոխավարական կարգախօս է»՝ նման այն կարգախօսներուն, որոնք նախապէս օգտագործուած են Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի պարագային։

Կալուզինը ԵՄ-ն մեղադրած է «յառաջիկայ ընտրութիւններուն վրայ ազդելու» փորձերու մէջ ու յայտնած, որ «Ռուսաստանը, ի տարբերութիւն Եւրոմիութեան, չի միջամտեր Հայաստանի ներքին գործերուն»։

Մոսկուան յոյս ունի, որ հայ հասարակութիւնը «կը պահպանէ սառնասրտութիւնը» եւ թոյլ չի տար երկիրը ներքաշել Ռուսաստանի հետ առճակատման մէջ, ըսած է ՌԴ արտաքին գործերու փոխնախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment