Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւններու Նախաշեմին Աշխուժացած Է Քրեմլամէտ Ապատեղեկատուական Արշաւը. Euronews

Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւններու Նախաշեմին Աշխուժացած Է Քրեմլամէտ Ապատեղեկատուական Արշաւը. Euronews

by MassisPost

Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին Հայաստանի դէմ ծաւալած է ռուսական լայնածաւալ ապատեղեկատուական արշաւ։ Հետազօտողները զայն կ’անուանեն վերջին տարիներու ամենամեծ նմանատիպ գործողութիւններէն մէկը։ «Կուբ»-ը կը պարզաբանէ՝ ինչ նպատակներ անոնք կը հետապնդեն եւ ինչ մեթոտներ կ’օգտագործուին։ Այս մասին յայտնած է Euronews-ը:

Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին Հայաստանը բախած է քրեմլամէտ լայնածաւալ ապատեղեկատուական արշաւի հետ, կը պնդեն հետազօտողները։

Մայիսի սկիզբը յայտնաբերուած է 343 կեղծ տեսահոլովակ։ Վերլուծաբաններու գնահատականով՝ սա վերջին տարիներու ամենամեծ նմանատիպ գործողութիւններէպ մէկն է. անկէ աւելի մեծ եղած է միայն 2025 թուականի Մոլտովայի ընտրութիւններուն միջամտելու արշաւը։

Հետազօտողներու տեղեկութիւններով՝ գործողութիւնը սկսած է Մարտի սկիզբը՝ «Մատրյօշկա» ցանցի շրջանակներուն մէջ. սա քրեմլամէտ ապատեղեկատուական արշաւ է, որ աւելի ու աւելի աշխուժօրէն կ’օգտագործէ արհեստական ​​բանականութեան գործիքները։

Շատ կեղծ տեսանիւթերու մէջ յառաջ կը քաշուի այն թեզը, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յաղթանակը, որ քարոզարշաւ կ’իրականացնէ եւրոպամէտ կարգախօսներով, կրնայ յանգեցնել Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ պատերազմի։

Antibot4Navalny անձնակազմը, որ կը հետաքննէ բոթ-ցանցը, յայտնած է, որ յայտնաբերած է տասնեակէ աւելի կեղծ տեսանիւթեր Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մասնակցութեամբ։ Անոնցմ մէջ կը կրկնուի երկու առաջնորդներուն միջեւ «գաղտնի գործարքի» մասին կեղծ պնդումը. Ֆրանսան, իբր թէ, կ’աջակցի Փաշինեանին ընտրութիւններուն՝ Հայաստանի կողմէ Ռուսաստանի դէմ պատերազմ սկսելու խոստումին դիմաց՝ անոր յաղթանակէն յետոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment