Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՏՄ Գագաթաժողովին Փաշինեանի Բացակայութիւնը Ողբերգութիւն Չէ, Խնդիրը Հայաստանն Է․ Զախարովա

ԵԱՏՄ Գագաթաժողովին Փաշինեանի Բացակայութիւնը Ողբերգութիւն Չէ, Խնդիրը Հայաստանն Է․ Զախարովա

by MassisPost

Ռուսաստանը պաշտօնական ծանուցում ստացած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) յառաջիկայ գագաթաժողովին: Այս մասին յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: Ըստ անոր՝ Մոսկուայի համար խնդիրը ոչ թէ անոր բացակայութիւնն է, այլ այդ քայլերուն համակարգային բնոյթը:

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը պիտի բացակայի Մայիս 28-29-ին Ասթանայի մէջ կայանալիք ԵԱՏՄ գագաթաժողովը։ Անոր պիտի փոխարինէ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը։

Զախարովայի ձեւակերպմամբ՝ Փաշինեանի բացակայութիւնը ողբերգութիւն չէ միաւորման համար: «Միութեան համար ողբերգութիւն չկայ։ Խնդիրը Հայաստանն է»,- նշած է ան։

Դիւանագէտը նշած է, որ անհնար է համատեղել անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին եւ մէկ այլ խմբաւորման վերազգային մեխանիզմներու ներդրումը։ Անոր խօսքով՝ Եւրըմիութեան կառոյցները կործանարար քաղաքականութիւն կը վարեն եւ
պատժամիջոցներ կը կիրառեն ԵԱՏՄ անդամներուն դէմ:

«Սա լիակատար հակասութիւն է, ոչ թէ այն պատճառով, որ մենք դէմ ենք փոխգործակցութեան տարբեր ձեւերու համատեղման։ Ընդհակառակը, մենք միշտ ըսած ենք, որ հնարաւոր է օրկանապէս համատեղել համագործակցութիւնը տարբեր
ոլորտներու մէջ։ Բայց ատիկա հնարաւոր էր մինչեւ Արեւմտեան Եւրոպայէն ուղիղ յարձակումներ սկսիլը, եւ մինչեւ այն վերածուեցաւ հիպրիտային պատերազմի, այդ շարքին՝ տնտեսական ոլորտին մէջ»,- ըսած է Զախարովան։

Ան յայտնած է, որ նախապէս եւս եղած են դէպքեր, երբ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները չեն մասնակցած նիստերուն, ինչ որ ցանկալի չէ, բայց կը պատահի: Սակայն, ըստ անոր, Փաշինեանի ներկայիս արտաքին քաղաքական ընթացքը վաղ թէ ուշ պիտի յանգեցնէ Պրիւքսէլի հակառուսական գիծին մէջ Երեւանի անդառնալի ներգրաւման, ինչ որ Հայաստանի համար պիտի ունենայ քաղաքական եւ տնտեսական հետեւանքներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment