Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արա Աբրահամեան Ծրագրած Է Զգալի Միջոցներ Տալ ՌԴ-ի Մէջ Բնակող Վիրահայերուն՝ Անոնց ՀՀ Գալու Եւ Քուէարկութեան Համար

Արա Աբրահամեան Ծրագրած Է Զգալի Միջոցներ Տալ ՌԴ-ի Մէջ Բնակող Վիրահայերուն՝ Անոնց ՀՀ Գալու Եւ Քուէարկութեան Համար

by MassisPost

«Բաղրամեան 26» ալիքի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ «կալուգացիները» ծրագրած են զգալի միջոցներ յատկացնել Ռուսաստանի մէջ բնակող ախալքալաքցի հայերուն, որպէսզի անոնք ընտրութիւններուն ժամանակ գան Հայաստան եւ քուէարկեն անոնց օգտին։

Ալիքը մասնաւորապէս կը նշէ, որ ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Մոսկուայի հայ համայնքի նախագահ Նորիկ Թեւանեանը Արա Աբրահամեանի յանձնարարութեամբ Ապրիլի վերջը մոսկովեան ճաշարաններէն մէկուն մէջ խնճոյքի հաւաքած է Ռուսաստանի մէջ գործող մօտ 200 ախալքալաքցի հայ ձեռնարկատէրեր։ Խնճոյքէն յետոյ Թեւանեանը առանձին հանդիպումներ ունեցած է այդ ձեռնարկատէրերու խումբերուն հետ եւ անոնց յանձնարարած է կազմակերպել Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող գիւղացիները՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ժամանակ Հայաստան գալու եւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան օգտին քուէարկելու համար։

Ալիքի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Ջաւախքի մէջ լուրեր կը շրջանառուին, որ Թեւանեանի յանձնարարութեամբ Ռուսաստանի մէջ բնակող ախալքալաքցի հայ գործարարները կը ծրագրեն իրենց համագիւղացիներուն մէկ անձի համար 100 տոլար ընտրակաշառք վճարել։

«Յոյս ունենք, որ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները զգօն կը լինեն այս կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ եւ համապատասխան միջոցներ կը ձեռնարկեն կաշառք ստացած եւ մի քանի օրով Հայաստան ժամանած անձանց նկատմամբ։ Հնարաւոր է՝ բաւարար հիմքեր գտնուեն այս անձանց ՀՀ քաղաքացիութիւնը չեղեալ համարելու եւ նրանց պատասխանատուութեան ենթարկելու համար։

«Ընտրակաշառքի համար Հայաստան գալ ծրագրող որոշ մարդիկ, իրենց ամբողջ կեանքը Ռուսաստանում կամ Վրաստանում ապրելով, այնուամենայնիւ, կենսաթոշակ են ստանում ՀՀ-ից: Հնարաւոր է՝ ժամանակն է մտածել այս անձանց կենսաթոշակները չեղեալ համարելու մասին: ՀՀ քաղաքացիները չպէտք է իրենց ամբողջ կեանքը կենսաթոշակ վճարեն նրանց, ովքեր ապրում են ՀՀ-ից դուրս եւ պատրաստ են մասնակցել ՀՀ-ի ոչնչացմանը 100 տոլարի դիմաց»,- կ’ըսուի «Բաղրամեան 26» ալիքի հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment