ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու առարկայական անհրաժեշտութիւնը պարզապէս չկայ։ Այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւանի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադառնալով ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յայտարարութեան։ Փութին նախօրէին յայտնած էր, թէ Հայաստանը պէտք է որոշում կայացնէ՝ մնա՞լ ԵԱՏՄ-ի մէջ, թէ՞ քաղաքակիրթ ձեւով ապահարզան պահանջել եւ երթալ ԵՄ։
«Ես համաձայն չեմ ապահարզան ձեւակերպման հետ։ Մենք միջպետական յարաբերութիւնները երբեմն շփոթում ենք ամուսնութեան հետ, ես այդ ձեւակերպման հետ համաձայն չեմ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջպետական յարաբերութիւններում առաջնորդւում է միջպետական տրամաբանութեամբ եւ մենք Եւրասիական Տնտեսական Միութեան լիարժէք անդամ ենք, այնպիսի անդամ, ինչպէս միւս անդամները, եւ քանի դեռ մենք Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ ենք, մենք լիարժէք մասնակցում ենք բոլոր որոշումների կայացմանը։ Քանի դեռ անհրաժեշտութիւն չի առաջացել, մենք չենք պատրաստւում որեւէ այդպիսի հարց դնել։ Նաեւ հանրաքուէ կ’անենք այն պահին, երբ որ դրա առարկայական անհրաժեշտութիւնը լինի։ Իմ գնահատականն այն է, որ դրա առարկայական անհրաժեշտութիւնը պարզապէս չկայ»,- ըսած է վարչապետը։
Փաշինեանի խօսքով՝ իրենք յարգանքով կը վերաբերին ԵԱՏՄ գործընկերներուն, եւ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի մասնակցութեան։ Ան շեշտած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրած են հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութիւն, որուն առանցքային սկզբունքներէն մէկը յարգանքի եւ փոխադարձ շահերու ճանաչման վրայ հիմնուած յարաբերութիւններն են։
«Մենք չենք ունեցել, չունենք եւ չենք ունենալու նպատակ վնասելու Ռուսաստանի շահերին։ Մենք շարունակելու ենք առաջնորդուել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերով, եւ մենք շարունակելու ենք խորացնել եւ զարգացնել մեր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ, այն ըմբռնմամբ, որ անխուսափելի ձեւափոխում է տեղի ունենում այդ յարաբերութիւններում»,- ըսած է վարչապետը։
Օրեր առաջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած էր, որ թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիներու, թէ՛ Ռուսաստանի՝ որպէս հիմնական տնտեսական գործընկերոջ համար ճիշդ պիտի ըլլայ, որ Երեւանը հնարաւորինս արագ որոշում կայացնէ ԵՄ-ին միանալու վերաբերեալ։
«Մեր գործը չէ, բայց, սկզբունքօրէն լիովին տրամաբանական պիտի ըլլար հանրաքուէ կատարել եւ հասկնալ, թէ ինչպիսին է հայ քաղաքացիներուն ընտրութիւնը։ Մենք պիտի ընէինք համապատասխան եզրակացութիւններ եւ ձգտէինք մեղմ, խելացի եւ փոխշահաւէտ բաժանման: Ի վերջոյ, մենք այժմ ականատես կ’ըլլանք Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցողին: Բայց ինչպէ՞ս սկսաւ այդ ամէնը՝ Ուքրանիոյ ԵՄ-ին անդամակցութեամբ կամ անդամակցութեան փորձով: Ատիկա առաջին փուլն էր, պարզապէս առաջին փուլը»,- ըսած է Փութին:
Ան շեշտած է, որ Ռուսաստանը պիտի աջակցի հայ ժողովուրդին համար օգտակար որոշումներուն։

