Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի հետ կը համագործակցի հիմնականին մէջ՝ Ռուսաստանի հետ իր դիմակայութիւնը սրելու նպատակով, յայտնախծ է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնյան՝ զգուշացնելով, որ Երեւանի՝ ԵՄ յաւակնութիւնները կրնան հետեւանքներ ունենալ երկկողմ յարաբերութիւններուն համար։
«Հայաստանի՝ այսպէս կոչուած եւրոպական ճանապարհով երթալը կրնայ ինչ-որ պահի յանգեցնել ռուս-հայկական յարաբերութիւններու համակարգային փոփոխություններու։ Իսկ ԵՄ-ն անվտանգութեան, տնտեսական կայունութեան,
բարեկեցութեան եւ բարգաւաճման առումով որեւէ յստակ այլընտրանք չ’առաջարկեր։ Անոնք այն բաղադրիչներն են, որոնցմէ կը կազմուի պետութեան ինքնիշխանութիւնը»,- ըսած է Ռուսաստանի ԱԳՆ ԱՊՀ երկիրներու բաժանմունքի ղեկավար Միխայիլ Գալուկինը։
Ան կրկնած է Մոսկուայի դիրքորոշումը, որ ԵՄ-ի հետ աւելի սերտ համարկումը լրջօրէն պիտի վնասէ Հայաստանի տնտեսութեան, քանի որ այդ պիտի պահանջէ դուրս գալ Ռուսաստանի ղեկավարած Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն։ «Պարզ ըսած՝ եւ կարկանդակը պահել, ե՛ւ ուտել չի յաջողիր»,- յաւելած է ան։
Գալուկին նաեւ ըսած է, որ Ռուսաստանը Հայաստանին «շատ բան ունի առաջարկելու», այդ շարքին՝ նոր աթոմակայանի կառուցում՝ փոխարինելու Մեծամօրի աթոմակայանը։
«Եթէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը այդպէս ուզէ, [նոր կայանը] պիտի բաւարարէ երկրին ուժանիւթային կարիքները տասնամեակներով, ինչու ոչ՝ յառաջիկայ մէկ դարուն»,- ըսած է ան։

