Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Մեզմէ Պաշտպանելու Կարիք Չկայ․ Ալիեւ

Հայաստանը Մեզմէ Պաշտպանելու Կարիք Չկայ․ Ալիեւ

by MassisPost

«Մենք նպատակ չենք ունեցած ոչնչացնել Հայաստանը կամ անկէ խլել անկախութիւնը»,- քաղաքացիներու հետ զրոյցին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

«Այսօր ալ Եւրոպայի այսպէս կոչուած դիտորդները, ենթադրաբար, կը շարունակեն վերահսկել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանը։ Ես այն ժամանակ ալ կ’ըսէի՝ եթէ մենք թէկուզ մէկ կրակոց արձակէինք, անոնք անմիջապէս կը փախչէին, եւ այնտեղ անոնցմէ անգամ հետք չէր մնար։ Սակայն անոնք զիրենք կը պահեն այնպէս, կարծես մեզմէ կը պաշտպանեն Հայաստանը։ Հայաստանը մեզմէ պաշտպանելու կարիք չկայ։ Մենք հասած ենք այն ամէնին, ինչ նպատակադրած էինք»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment