Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Եանեժ Լենարչիչը։
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է առաքելութեան բազմամեայ գործունէութեան համար: «Դուք կարեւորագոյն առաքելութեամբ էք հիմա Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Կարող եմ ասել, որ մեր ժողովրդավարական հիմնարկների կայացման, յատկապէս ընտրական հիմնարկի ձեւաւորման գործում ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի դերը շատ զգալի եւ կարեւոր է։ Վստահ եմ, որ այս անգամ եւս ձեր աջակցութեամբ, օգնութեամբ եւ մեթոտաբանութեան կիրառմամբ մենք կ’անցկացնենք ժողովրդավարական, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ։ Այս ամէնի արդիւնքում ամենակարեւորն այն է, որ ժողովուրդը վստահ լինի, որ իր ձայնն իսկապէս տեղ է հասել»,- նշած է նախագահը։
Եանեժ Լենարչիչը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, փաստած է. «1996 թուականին էր, երբ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ իրականացուց դիտորդական առաքելութիւն, իսկ այս անգամը 30-րդն է։ Հայաստանը շատ լաւ աշխատանք կատարած է այս տարիներու ընթացքին, եւ ես մանրամասնութիւններուն մէջ շատ պիտի չմտնեմ, քանի որ դուք ամէն ինչ շատ լաւ գիտէք»:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են առաքելութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու ոլորտները: Երկուստեք կարեւորուած է ընտրական գործընթացներու նկատմամբ աչալուրջ վերահսկողութիւնն ու հետեւողական մշտադիտարկումը, ինչ որ էական նշանակութիւն ունի ընտրութիւններու կազմակերպման որակական նոր մակարդակի ապահովման եւ հնարաւոր թերութիւններու բացառման համար:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ընտրութիւններու նախաշեմին երկրին մէջ տիրող ընդհանուր հասարակական-քաղաքական մթնոլորտին եւ հնարաւոր զարգացումներուն: Այս ծիրին մէջ, նախագահ Խաչատուրեան եւ Եանեժ Լենարչիչ շեշտած են քաղաքական հանդուրժողականութեան մշակոյթի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։ Կողմերը ընդգծած են, որ գործընթացի բոլոր մասնակիցներուն կողմէ պատասխանատու եւ ճշգրիտ նախընտրական քարոզարշաւի կայացումը կը բխի հանրային շահէն եւ կը հանդիսանայ ժողովրդավարական կայունութեան երաշխիք:
Հանդիպման աւարտին վերահաստատուած է պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի մէջ ընտրական համակարգի հետագայ կատարելագործման եւ ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման:

