Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Պիտի Աջակցի Հայաստանին ԵՄ Ուղիով Երթալու Հարցով. Եւրոյանձնակատարը՝ ԵՄ-ին ՀՀ Անդամակցութեան Մասին

ԵՄ-ն Պիտի Աջակցի Հայաստանին ԵՄ Ուղիով Երթալու Հարցով. Եւրոյանձնակատարը՝ ԵՄ-ին ՀՀ Անդամակցութեան Մասին

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը պիտի աջակցի Հայաստանին ԵՄ անդամ դառնալու անոր ցանկութեան մէջ։ Այս մասին յայտնած է ընդլայնման հարցերով եւրոյանձնակատար Մարթա Քոս՝ մեկնաբանելով Հայաստանի՝ ԵՄ-ին եւ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան հարցով վերջին յայտարարութիւնները։

«Եւրոպական քաղաքական հանրութեան հանդիպումը, ինչպէս նաեւ ԵՄ-Հայաստան գագաթաժողովը ցոյց տուին, թէ ինչ ուղոիվ անոնք (Հայաստանը) կը փափաքին երթալ, եւ Եւրոպան պիտի աջակցի անոնց»,- ըսած է ան Պրիւքսէլի մէջ։

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին անցեալ շաբաթ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան հերթական գագաթաժողովին առաջարկած է քննարկել ԵՄ հարցով Հայաստանի ծրագրերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment