Հայաստանի նախագահը Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնին ընտրելու համար առաջադրած է Վլատիմիր Վարդանեանի թեկնածութիւնը:
Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութենէն Վլատիմիր Վարդանեանը Ազգային Ժողովի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահն է։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Հրայր Թովմասեանն այլեւս ՍԴ դատաւոր չէ. ուժի մէջ մտած է անոր դատավճիռը։ Վճռաբեկ դատարանը վարոյթ չէ ընդունած փաստաբաններու բողոքը Թովմասեանը մեղաւոր ճանչնալու դատավճիռին դէմ: Սա կը նշանակէ, որ 2024 թուականին կայացուած դատավճիռը կը մտնէ ուժի մէջ: Այդ վճիռով Թովմասեան մեղաւոր ճանչցուած է արդարադատութեան նախարար եղած ժամանակ պաշտօնի լիազօրութիւնները անցնելու համար։ Բայց չէ ազատազրկուած, քանի որ անցած է վաղեմութեան ժամկէտը:
Հանրապետութեան նախագահը մէկ ամսուայ ընթացքին պէտք է ՍԴ դատաւորի թեկնածու առաջադրէր։

