Հայաստանի Ազգային Ժողովի՝ 2026 թուականի Յունիս 7-ին կայանալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ ՀՀ Հակափտածութեան Կոմիտէի նախագահին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած են յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններու ընթացքին կոմիտէին գործառույթներն ու առկայ մարտահրաւէրները։
Նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած առանցքային հարցերը ներառած են՝
ընտրական գործընթացներու մշտադիտարկման շտաբի ձեւաւորումը,
հիպրիտային սպառնալիքներուն դիմակայելու կոմիտէի գործառոյթներու սահմանումը,
նախաքննական եւ գործնական ստորաբաժանումներու փոխլրացնող գործունէութեան համակարգումը եւ յառաջիկայ ընելիքներու ծրագրումը,
ընտրական յանցագործութիւններու յայտնաբերման, բացայայտման եւ քննութեան ոլորտին մէջ ծառայողներու մասնագիտական պատրաստուածութեան բարձրացումը։
Կոմիտէի նախագահին ներկայացուած է աշխատանքներուն ընթացիկ վիճակը, գոյքագրուած են առկայ խնդիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները։ Քննարկումներու բերումով, նախագահին կողմէ տրուած են յստակ յանձնարարականներ՝ ընտրական գործընթացներու մշտադիտարկման շտաբի ձեւաւորման ժամկէտներու, կազմի եւ աշխատակարգի սահմանման, ինչպէս նաեւ հիպրիտային սպառնալիքներուն դիմակայելու գործիքակազմի եւ ներգրաւուելիք միջոցներու յստակացման վերաբերեալ։ Միաժամանակ յանձնարարականներ տրուած են նախաքննական եւ գործնական ստորաբաժանումների աշխատանքի համակարգուած ծրագրման ուղղութեամբ։
Նիստի ընթացքին կարեւորուած է կոմիտէին գործուն դերը ընտրական գործընթացներու թափանցիկութիւնն ու օրինականութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ գործողութիւններու արդիւնաւէտ համակարգումը՝ առկայ վտանգներուն արագ եւ հետեւողական արձագանգ ապահովելու նպատակով։

