«Զգայուն հարց է սա, մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է, որ այս խնդիրը կը հասցէագրուի աւելի հեշտօրէն համագործակցութեան եւ խաղաղութեան մթնոլորտում, քան՝ հակամարտութեան մթնոլորտում»,- Գերմանիոյ մէջ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով Արտաքին յարաբերութիւններու գերմանական ընկերակցութեան քննարկման մասնակիցներէն մէկուն հարցին:
«Հակամարտութեան մթնոլորտում հնարաւոր չէ հասցէագրել այս խնդիրը: Բայց քանի որ մենք ընթանում ենք խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, աւելի ու աւելի իրատեսական է դառնում փոքր քայլերով այդ խնդրի լուծումը: Դա է մեր դիրքորշումը, ուստի խաղաղութիւն հաստատելը նշանակում է լուծել այլ խնդիրները նոյնպէս: Դա է մեր ընկալումը»,- ըսած է Փաշինեան:
Պաքուի բանտերուն մէջ 23 հայ գերի կայ, անոնցմէ 7-ն արդէն դատապարտուած են երկարատեւ ազատազրկումներու, իսկ 16-ի դատերը, այդ շարքին՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, աւարտին կը մօտենան, մեծ մասին կը սպառնայ ցմահ բանտարկութիւն, Ատրպէյճանը զանոնք կը մեղադրէ ծանր յանցանքներու մէջ:

