Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ու Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ համատեղ հարցազրոյց տուած են Euronews-ին՝ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններբւն։
Յիշեցնենք, որ Արմէն Գրիգորեանն ու Հիքմեթ Հաճիեւը օրերս Տոհայի մէջ միասին քննարկման մասնակցաղ էին «Հայաստան-Ատրպէյճան տեւական խաղաղութիւն. Ուաշինկթընեան համաձայնագիրը եւ համատեղ ապագան» թեմայով։
Տոհայի մէջ ալ կայացած է անոնց համատեղ հարցազրոյցը «Euronews»-ին։
Արմէն Գրիգորեան ու Հիքմեթ Հաճիեւ լրատուամիջոցին պատմած են, որ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները Եւրոմիութեան աջակցութեամբ սկսած են 2020 թուականին՝ երկու երկիրներուն միջեւ վերջին բախումէն յետոյ, որուն գագաթնակէտը խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումն է՝ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի աջակցութեամբ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, որ բոլոր հակամարտութիւններուն մէջ կողմերը իրարու չեն վստահիր, սակայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանին։ «ինչպէս կ’ըսուի յայտնի երգում, «սա եւս մէկ աղիւս է պատի մէջ»՝ այս մէջբերման դրական իմաստով։ Մենք աշխատել ենք դրա վրայ՝ փորձելով կառուցել այդ վստահութեան պատը, փորձելով շարժուել այդ ուղղութեամբ»,- նշած է Գրիգորեան։
Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ իր հերթին նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը յաջողութեան պատմութիւն է հակամարտութիւններու եւ պատերազմներրու համաշխարհային առումով, քանի որ այս հակամարտութեան էջը փակուած է, եւ իրական խաղաղութիւն հաստատուած է, իսկ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը միասին անցում կը կատարեն տարածաշրջանի մասշտաբային տնտեսական զարգացման՝ ի շահ երկու երկիրներուն։
Արմէն Գրիգորեան յաւելած է՝ վստահ են, որ տարածաշրջանային տնտեսական նախագիծերու իրականացումը պիտի բարձրացնէ փոխկախուածութիւնը, պիտի ամրապնդէ խաղաղութիւնը եւ տնտեսական օգուտներ պիտի բերէ երկու երկիրներու հասարակութիւններուն։
«Մենք այդ ուղղութեամբ ենք շարժւում, եւ դրա ապացոյցն այն է, որ ես ու Հիքմեթը միասին նստած ենք Տոհայում ձեր տաղաւարում»,- ըսած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։
Գրիգորեան ու Հաճիեւ ընդգծած են, որ խաղաղ գործընթացը ապագայ սերունդներուն համար է, որ խաղաղութիւնը անշրջելի է, եւ որ երկու կողմերը կ’աշխատին փոխվստահութիւնը ամրապնդելու վրայ, որպէսզի երկու ազգերը կարենան համագործակցիլ, նոյնիսկ եթէ ատիկա շատ աշխատանք կը պահանջէ երկու երկիրներէն եւ հասարակութիւններէն։
Հարցազրոյցին ընթացքին Գրիգորեան ու Հաճիեւ անդրադարձած են նաեւ «Թրամփի ուղի» նախագիծին, որ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ նախագահ Թրամփի վկայութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հռչակագրի կէտերէն մէկն է։
Հաճիեւ ըսած է, որ այդ նախագիծի իրականացման պարագային ամբողջութեամբ պիտի փոխուի եւրասիական ցամաքամասի ճանապարհային քարտէզը, իսկ Գրիգորեան յաւելած է, որ նախագիծի իրականացման շուրջ Հայաստանը աշխոյժ քննարկումներու մէջ է Միացեալ Նահանգներու հետ։

