Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Համպուրգի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետը անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, տնտեսութեան զարգացման կշռոյթներուն, Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան, եկեղեցւոյ նորոգման գործընթացին, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ այլ թեմաներու:
Վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է նաեւ հանդիպման մասնակիցներու հարցումներուն:

