ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով՝ Նարեկ Մկրտչեանը նշանակուած է ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 3-րդ մասի եւ 14-րդ յօդուածի՝
Նարեկ Մկրտչեանին նշանակել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Ուաշինկթըն)»,- կ’ըսուի հրամանագրին մէջ։
Նախագահին մէկ այլ հրամանագրով՝ Լիլիթ Մակունցը ետ կանչուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն:
Նշենք, որ նախագահին մէկ այլ հրամանագրով՝ Նարեկ Մկրտչեան ազատուած էր Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնէն:

