Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ես Հիմա Այդ կատարեցի». Իսրայէլի Վարչապետը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մասին

«Ես Հիմա Այդ կատարեցի». Իսրայէլի Վարչապետը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մասին

by MassisPost

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահու հարցազրոյց տուած է ամերիկացի փոտքասթըր Փաթրիք Պեթ Տեւիտին, որուն մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման թեմային:

Դիտարկմանը՝ 193 երկիր ճանչցած է Հոլոքոսթը, աշխարհի բոլոր երկիրները, իսկ որոշ երկիրներու մէջ զայն ժխտելու համար կարելի էր բանտարկուիլ՝ շատ երկիրներու մէջ մէկ կամ հինգ տարիով: Իսկ այն երկիրներու շարքին, որոնք ճանչցած են հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը, կ’ակնկալուէր տեսնել Իսրայէլը: Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուին ուղղուած հարցին, թէ ինչու մինչեւ հիմա չէք ճանչցած թուրքերուն կողմէ այդ համայնքներուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը, Նեթանիահու պատասխանած է. «Կը կարծեմ՝ ճանչցած են: Կարծես Քնեսեթը բանաձեւ ընդունած է այդ մասին»:

Յստակացնող հարցումին, թէ ինչո՞ւ  Իսրայէլի ոեւէ վարչապետ չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը, Նեթանիահու պատասխանած է. «Ես հիմա այդ կատարեցի: Ահա»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment