Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան (այսուհետ՝ Իրաւասու մարմին) ձեւաւորումէն ի վեր՝ 2020 թուականի Սեպտեմբերէն առ այսօր, նախաձեռնուած է 553 ուսումնասիրութիւն:
Ինչպէս յայտնած են Դատախազութենէն, Իրաւասու մարմինը 172 անձի վերաբերեալ դատարան ներկայացուցած է հայցի ապահովում կիրառելու վերաբերեալ 201 միջնորդութիւն:
Իրաւասու մարմինին կողմէ դատարան ներկայացուած է 116 հայցադիմում, որոնցով կը պահանջէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել ապօրինի ծագում ունեցող շուրջ 1300 անշարժ եւ 251 շարժական գոյք, ինչպէս նաեւ 335 իրաւաբանական կառոյցներու մէջ մասնակցութիւն:
Ներկայացուած հայցադիմումներու ընդհանուր հանրագումարային արժէքը կը կազմէ աւելի քան 587 միլիառ դրամ (ընդհանուր հայցագինի մէջ ներառուած չեն իրաւաբանական կառոյցներու մէջ մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ գոյքերու շուկայական արժէքները):
Գլխաւոր դատախազութիւնը ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վարոյթի շրջանակին մէջ առ այսօր կնքած է հաշտութեան 8 համաձայնութիւն, որոնցով Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան փոխանցուած է եօթը անշարժ եւ մէկ շարժական գոյք՝ ընդհանուր շուրջ 4 միլիառ 100 միլիոն դրամ արժէքով, ինչպէս նաեւ շուրջ 937 միլիոն դրամ:
2024 թուականին Հակափտածութեան դատարանին կողմէ կայացուած չորս վճիռներու համաձայն՝ վճիռները օրինական ուժի մէջ մտնելէ յետոյ, յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան պիտի բռնագանձուի հինգ անշարժ եւ երկու շարժական գոյք, երկու իրաւաբանական կառոյցներու մէջ մասնակցութիւն՝ ընդհանուր շուրջ 1 միլիառ 123 միլիոն դրամ շուկայական արժէքով, ինչպէս նաեւ շուրջ 1 միլիառ 880 միլիոն դրամ:

