Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Պիտի Չմասնակցի Ասթանայի Մէջ Կայանալիք ՀԱՊԿ Գագաթաժողովին

Հայաստան Պիտի Չմասնակցի Ասթանայի Մէջ Կայանալիք ՀԱՊԿ Գագաթաժողովին

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի չմասնակցի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան արտաքին գործերու նախարարների, պաշտպանութեան նախարարներու եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարներու յանձնաժողովի համատեղ նիստին։

Այս մասին յայտնեց ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Անի Բադալեան։

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան արտաքին գործերու նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարներու յանձնաժողովի համատեղ նիստը պիտի կայանայ Նոյեմբեր 28-ին, Ասթանայի մէջ։

Նիստին պիտի մասնակցին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը եւ միացեալ շտաբի ղեկավար Անտրէյ Սերտիուքովը։

Կը նախատեսուի միտքերու փոխանակում հաւաքական անվտանգութեան տարածաշրջաններուն մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ։ Պիտի քննարկուին ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան արդիւնքները եւ հաւաքական անվտանգութեան համակարգի հետագայ զարգացման հեռանկարներ։

Հայաստան վերջին շրջանին կը պոյքոթէ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ կայացուող միջոցառումները։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2024 թուականի Փետրուարին յայտնած էր, որ Հայաստան գործնականին մէջ սառեցուցած է մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին։ Ան նշած էր, որ ՀԱՊԿ չէ կատարած Հայաստանի նկատմամբ պարտաւորութիւնները, ինչ որ առանց հետեւանքներու չէր կրնար մնալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment