Ռուսական կողմը Հայաստանի վճարային համակարգէն պաշտօնական ծանուցում ստացած է, որ Մարտ 30-էն դրամատունկերը պիտի դադրեցնեն «Միր» քարտերու սպասարկումը: Այս մասին յայտնած է ռուսաստանեան ԹԱՍՍ պետական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով «Միր»-ի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։
Լրատուամիջոցը կը յաւելէ, որ միեւնոյն ժամանակ «ՎԹՊ Հայաստան» դրամատունը, որ ամբողջութեամբ կը սպասարկէ «Միր» քարտերը իր ենթակառուցուածքներով, պիտի շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի մէջ ռուսական քարտերով։
2024 թուականի Փետրուարին «Միր»-ը կամ ռուսական ազգային վճարային համակարգը ԱՄՆ պատժամիջոցներու թիրախին յայտնուած է. Ուաշինկթըն կը պնդէ, որ այդ համակարգին միջոցով «Ռուսաստանը կը շրջանցէ պատժամիջոցները եւ կը պահպանէ կապերը միջազգային ֆինանսական համակարգին հետ»։