Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Էնթընի Պլինքըն Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Էնթընի Պլինքըն Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

by MassisPost

Նոյեմբեր 15-ին տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, մասնաւորապէս, Նոյեմբեր 7-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն եւ անոր հետեւած եռակողմ հանդիպման վերաբերեալ:

Պետական քարտուղար Պլինքըն ԱՄՆ-ի պատրաստակամութիւնը յայտնած է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցով:

Վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատած է ԱՄՆ-ի ջանքերը եւ պետական քարտուղար Պլինքընի անձնական ներգրաւուածութիւնը:

Զրուցակիցները պայմանաւորուած են շարունակել քննարկումները տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած քայլերուն, այդ շարքին` մարդասիրական հարցերու կարգաւորման վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment