Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Կարեւորած Է ԵՄ-ի Կողմէ Հայաստանի Համար Յայտարարուած 2,6 Միլիառ Եւրոյի Տնտեսական Եւ Ներդրումային Փաթեթի Արդիւնաւէտ Իրականացումը

Փաշինեան Կարեւորած Է ԵՄ-ի Կողմէ Հայաստանի Համար Յայտարարուած 2,6 Միլիառ Եւրոյի Տնտեսական Եւ Ներդրումային Փաթեթի Արդիւնաւէտ Իրականացումը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵՄ եւ ԵՄ անդամ երկիրներու Արեւելեան Գործընկերութեան հարցերով յատուկ բանագնացներու պատուիրակութւինը:

Վարչապետը ողջունած է պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ կարեւորած՝ ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագրի շրջանակին մէջ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման, արդարադատութեան, տնտեսութեան եւ այլ ուղղութիւններով իրականացուող բարեփոխումներու փաստը եւ յաւելած, որ զանոնք յառաջ մղելու օրակարգը ՀՀ կառավարութեան առանցքային առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Վարչապետը կարեւորած է նաեւ ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2,6 միլիառ եւրոյի տնտեսական եւ ներդրումային փաթեթի արդիւնաւէտ իրականացումը:

Կարեւորուած է ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան ընդլայնումը տնտեսութեան, առեւտուրի, ներդրումներու, ուժանիւթի եւ այլ ուղղութիւններով: Նիկոլ Փաշինեան յաւելած է, որ մեր երկիրը Աշխարհի տնտեսական ազատութեան ցուցակին մէջ 165 երկիրներու շարքին կը զբաղեցնէ 11-րդ հորիզոնականը:

Վարչապետը զրուցակիցներուն ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումն ու դիտարկումները: Կարեւորուած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը եւ ընդգծուած է վերջինիս դերը կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ:

Միտքեր փոխանակուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական երկխօսութեան շուրջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment