Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Կառավարութիւնը Եղած Է, է Ու Պիտի ըլլայ Արցախի Կողքին. Փաշինեան

Հայաստանի Կառավարութիւնը Եղած Է, է Ու Պիտի ըլլայ Արցախի Կողքին. Փաշինեան

by MassisPost

2021-2022 թուականներուն Արցախի պիւտճէն հասած է աննախադէպ մեծութեան, ՀՀ կառավարութեան պիւտճէտային աջակցութիւնը Արցախին հասած է աննախադէպ մեծութեան. Հայաստանի կառավարութիւնը եղած է, է ու պիտի ըլլայ Արցախի կողքին: Այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեա Ազգային Ժողովին մէջ 2021 թուականին պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութեան քննարկմանն իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ:

Վարչապետը նախ նշեց, որ 2021 թուականի ամբողջ ընթացքին ծայրայեղ ընդդիմութիւնը երկու հիմնական թեզ զարգացուցած է, որ կառավարութիւնը միայնակ  թողած է Արցախը եւ երկրորդը` պահանջած են որդեգրել «Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ» բանաձեւը` փորձելով հիմնաւորել, որ այս եղած է իրենց իշխանավարութեան տարիներուն իրենց կողմէ իրականացուող քաղաքականութիւնը, եւ եթէ այսօրուան իշխանութիւնը այս չի որդեգրեր, ուրեմն դաւաճանութիւն կը գործէ Արցախի հարցով:

Ըստ անոր` առաջին թեզը կը հերքուի նոյնինքն միայն պիւտճէտային ցուցանիշներով: «2021-2022 թթ Արցախի պիւտճէն հասել է աննախադէպ մեծութեան, եւ ՀՀ կառավարութեան պիւտճէտային աջակցութիւնն Արցախին հասել է աննախադէպ մեծութեան: 2019-ին Արցախի պիւտճէն կազմել է 117,9 միլիառ դրամի, որն ամենաբարձրն է եղել մինչպատերազմական ողջ շրջանում, այսինքն 90-ականներից սկսած: Այս գումարից 57,8 միլիառ դրամը Հայաստանի կառավարութիւնն է վճարել: 2021-ին արդէն Արցախի պիւտճէի եկամտային մասը եղել է 174 միլիառ դրամ, որից 128 միլիառ դրամը ՀՀ վճարած գումարն է: Այսինքն` յետպատերազմական շրջանում Արցախի պիւտճէն պատմական ամենաբարձրն է եղել, Արցախը երբեք աւելի մեծ պիւտճէ չի ունեցել, եւ ՀՀ-ն երբեք աւելի մեծ ծաւալով Արցախին աջակցութիւն չի ցուցաբերել: Այսինքն` ՀՀ աջակցութիւնն Արցախին 2021 թուականին աճել է 122 տոկոս` 2019-ի համեմատ կամ 70 միլիառ դրամով: Իսկ Արցախի պիւտճէն ընդհանուր առմամբ աճել է 48 տոկոսով կամ 45 միլիառ դրամով», ըսաւ Փաշինեան:

Անոր խօսքով`  2021 թուականի Արցախի պիւտճէին 73 տոկոսը վճարած է ՀՀ կառավարութիւնը, եւ 2021-ին Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը  Արցախի պիւտճէին աւելին եղած է, քան 2019 թուականի Արցախի ամբողջ պիւտճէն: Վարչապետը յիշեցուց, որ ՀՀ կառավարութիւնը 2020-ի Դեկտեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի աւարտը 136 միլիառ դրամի ծրագիր իրականացուցած է Արցախի մէջ: Այդ ժամանակահատուածին Հայաստանի պիւտճէէն յատկացուող միջոցներով վճարուած են Արցախի բոլոր պիւտճէտային հիմնարկներու բոլոր աշխատողներուն աշխատավարձերը, բոլոր կենսաթոշակներն ու նպաստները, հատուցուած են առողջապահական եւ կրթական համակարգի ծախսերը: 2020 թուականի Նոյեմբերէն սկսեալ եւ 2021-ի ամբողջ ընթացքին արցախցիներուն ելեկտրականութեան, ջուրի եւ կազի բոլոր ծախսերը եւս հատուցուած են ՀՀ պետական պիւտճէի հաշուոյն:

2022 թուականին արդէն Արցախին Հայաստանի կառավարութեան միայն պիւտճէտային աջակցութիւնը կը կազմէ 160 միլիառ դրամ, այսինքն 2022 թուականին 2021-ի համեմատութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Արցախին տրամադրուող գումարը աճած է 32 միլիառ դրամով, 2019 թուականի համեմատ` 102 միլիառ դրամով: Այս միջոցներով Արցախի մէջ կենսաթոշակներու եւ նպաստներու շուրջ 20-տոկոսնոց բարձրացում տեղի ունեցած է, տեղի կ’ունենայ լայնածաւալ բնակարանային շինարարութիւն:

Փաշինեան ընդգծեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը այս ամէնը առանձնապէս չի ալ «թմբկահարած»: «Եւ կարծում եմ` ճիշդ ենք արել, քանի որ դա մեր աշխատանքն է: Եւ ՀՀ կառավարութիւնը եղել է, կայ ու կը լինի Արցախի կողքին, ինչքան էլ որոշ շրջանակներ չնկատեն դա կամ էլ փորձեն Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ հակասութիւններ սերմանել», ըսաւ վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment