Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութիւնը Ճիշդ Գնահատեց Ստեղծուած Իրավիճակը․ Անդրանիկ Քոչարեանը` «Դիմադրութեան» Շարժման Որոշման Մասին

Ընդդիմութիւնը Ճիշդ Գնահատեց Ստեղծուած Իրավիճակը․ Անդրանիկ Քոչարեանը` «Դիմադրութեան» Շարժման Որոշման Մասին

by MassisPost

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՀ Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան անդրադարձաւ «Դիմադրութեան» շարժման` Ֆրանսայի հրապարակէն վրանները հաւաքելու որոշման:

«Կարծում եմ, որ ընդդիմութիւնը ճիշդ գնահատեց ստեղծուած իրավիճակը եւ ճանապարհը բացեցին` խոչընդոտներ չառաջացնելու մեր քաղաքացիների համար», ըսաւ Անդրանիկ Քոչարեան:

Անոր խօսքով` իշխող խմբակցութիւնը պատրաստ է որեւէ հարց քննարկելու Ազգային Ժողովին մէջ, քանի որ Հայաստանին համերաշխութիւն պէտք է:

«Բնականաբար, իրենք պէտք է իրենց այդ որոշումը արձանագրէին յաղթանակով եւ պէտք է տեսնէին, որ եթէ իրենք չլինէին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչնչացուած պէտք է լինէր: Դա այդպէս չէ: Մենք էլ ասում ենք, որ Հայաստանին համերաշխութիւն է պէտք, եւ համերաշխութեան հարթակն Ազգային Ժողովն է: Ինչո՞ւ են փախել Ազգային Ժողովից, ինչո՞ւ չեն վերադառնում: Ես բազմիցս ասել եմ, որ իշխանութեանը պէտք է ընդդիմութիւն, եւ, եթէ ընդդիմութիւնն ակնկալիք ունի ապագայում դառնալ իշխանութիւն, պէտք է շարժուի Սահմանադրութեան պահանջներով», ըսաւ Քոչարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment