Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալէն Սիմոնեանը Պաշտօնական Այցով Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն Մեկնած Է

Ալէն Սիմոնեանը Պաշտօնական Այցով Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն Մեկնած Է

by MassisPost

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մեճլիսի նախագահ Մոհամմատ Պաղէր Ղալիպաֆի հրաւէրով ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան պաշտօնական այցով Իրան կը գտնուի: Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպել է Իրանի Մեճլիսի նախագահին:

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը, շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման եւ ծանօթութեան համար, նշած է, որ իր առաջին այցն է Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն` յաւելելով, որ փոխայցերը շարունակական պիտի ըլլան: Ան իր գործընկերոջը փոխադարձ այցով հրաւիրած է Երեւան:

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը գործընկերոջը ըսած է, որ նախորդ տարուայ Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ հիւրընկալած՝ Իրանի Մեճլիսի Իրան-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբին հետ արդիւնաւէտ քննարկումներ եղած են, եւ անոնց շարունակական բնոյթը երկու խորհրդարաններուն համար համատեղ ծրագրերու իրականացման կարեւոր հիմք է: Այս ծիրին մէջ Ալէն Սիմոնեան յիշատակած է օրերս Երեւանի մէջ կայացած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստը, որուն մասնակցած է  նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնը: Ան նշած է, որ նիստէն յետոյ Իրանի խորհրդարանականները հանդիպումներ ունեցած են Ազգային Ժողովին մէջ, եւ հնարաւորութիւն ընձեռուած է քննարկելու երկկողմ օրակարգին առնչուող հարցեր:

Իրանի Մեճլիսի նախագահը ողջունած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Իրան` նշելով, որ Հայաստան-Իրան միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու կիզակէտին պէտք է ըլլան այսօրուան առանձնազրոյցի օրակարգային կէտերը: Ըստ անոր` շատ են համատեղ ընելիքները խորհրդարանական մակարդակով, այդ շարքին` տնտեսական կապերու խթանման, օրէնսդրական համագործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ճանապարհային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ստեղծման ու բարեփոխման հարցով: Անոր գնահատմամբ` խորհրդարանները պէտք է օրէնսդրական մակարդակով աջակցին Իրան-Հայաստան երկաթուղային եւ մայրուղիի ճանապարհներու բացման ու ենթակառուցուածքներու ստեղծման գործընթացներուն:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն` Մոհամմատ Պաղէր Ղալիպաֆը յայտնած է իր դիրքորոշումը` ընդգծելով երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն ու տեւական խաղաղութեան հաստատումը:

Երկկողմ հանդիպման յաջորդած է երկու երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներուն մամուլի ասուլիսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment