Աշխատանքային այցով ԱՄՆ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը որպէս հիմնական բանախօս մասնակցած է ամերիկեան հեղինակաւոր Atlantic Council ուղեղային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղան֊քննարկման:
Միրզոյեան անդրադարձած է ԱՄՆ աշխատանքային այցի ընդհանուր օրակարգին ու շեշտադրումներուն, Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան, այցի ընթացքին ստորագրուած փաստաթուղթերուն եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն:
Անդրադարձ կատարուած է ժողովրդավարական զարգացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման եւ փտածութեան դէմ պայքարի նպատակով իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին:
Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Հայաստանի դիրքորոշումը` Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն, այս գործընթացներուն մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան դերին վերաբերեալ:
Ներկայացուած են 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական խնդիրները:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: